2012-01-28 13:16:17

Ս. Երկրի Ու Աշխարհի Հաւատացեալները Աղօթքի Մէջ` ''Մէկ Ձայն Վասն Խաղաղութեան''։


Կիրակի` 29 յունուարին, 24 ժամ յարատեւ աղօթք պիտի կատարուի, Երուսաղէմի ու աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ, Աստուծմէ հայցելու ՜՜խաղաղութիւն Ս. Երկրին՝՝ համար. նախաձեռնութեամբ՝ խաղաղութիւն եւ արդարութիւն քահանայապետական խորհուրդին։ Յիշեալ Խորհուրդի նախագահը` Կարտինալ Թիւրքսոն, իր ուղղած պատգամին մէջ, կը հրաւիրէ հաւատացեալները զօրակից սրտով աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած որպէսզի խաղաղութիւն շնորհէ Ս. Երկրին։
Նշենք որ ասիկա 4-րդ տարին է որ աղօթք կը կատարուի Ս. երկրի խաղաղութեան համար։
2011-ին աւելի քան հազար քաղաքներու մէջ աղօթք կատարուեցաւ այս դիտաւորութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.